2015-01-24 11:03:27

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նամակը նոր նշանակուած կարդինալներուն` ''կանչուած էք նոր ծառայութեան մը համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ` 14 փետրուարին, կարդինալական տիտղոսը ստացող նոր կարդինալներուն նամակ մը յղելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ թէ Կարդինալութիւնը կոչում մըն է եւ թէ Տէրը այդ կոչումին ընդմէջէն զանոնք անգամ մը եւս կը հրաւիրէ ծառայութեան։
Սրբազան Հայրը կը յորդորէ կրկնել աղօթքը թէ''անպիտան ծառաներ ենք'' եւ զգոյշ ըլլալ կարդինալական տիտղոսը նկատելէ իշխանութեան ձգտում կամ իրականացում, այլ յիշել թէ Կարդինալ ըլլալ կը նշանակէ մաս կազմել Հռոմի թեմին` վկայութիւն տալու Տիրոջ Յարութեան ու այս մէկը ընելու ամբողջական նուիրումով, նոյնիսկ եւ եթէ հարկաւոր է` արեան գնով։
Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը ապա կը յորդորէ տիտղոսը ընկալել հեզութեամբ եւ տիտղոսի տուչութեան առթիւ տեղի ունեցող տօնակատարութիւնը կատարել զգաստ մթնոլորտի մէջ ու հեռու աշխարհիկ հոգիէն։
''Այդ օրուան պատրաստուէ աղօթքով եւ ապաշխարանքով։ Ու մի մոռնար աղօթել նաեւ ինծի համար'' կը գրէ Սրբազան Հայրը ի նամակին աւարտին







All the contents on this site are copyrighted ©.